2016-04-22 12:11:00

Ուքրանիոյ համար դրամահաւաք` Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հաղորդագրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը որդիական երախտագիտութեան զգացումներով կը միանայ Սրբազան Քահանայապետի կոչին, յառաջիկայ 24 ապրիլին, Եւրոպայի մէջ նշելու յատուկ օր մը` որուն ընթացքին արտակարգ դրամահաւաք կազմակերպուի բոլոր անոնց որոնք Ուքրանիոյ մէջ կը տառապին'' կը կարդանք Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կողմէ հրատարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ,­ որուն մէջ ապա հրաւէր կ՛ուղղուի ''վեհանձնութեամբ ընդառաջելու այս կոչին, ապահովելու համար օգնութիւն եւ օժանդակութիւն, այն անձերուն որոնք տկար են ու իրենց մարմիններուն ու հոգիներուն մէջ կը կռեն բռնութեան վէրքերը։ 

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը ապա շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր այն եպիսկոպոսներուն եւ բարեսիրական մարմիններուն որոնք իրենց նպաստը տուին այս ուղղութեամբ հուսկ մէջբերելով  Ֆրանչիսկոս Պապին կոչի պարունակութիւնը` Ամենասուրբ Աստուածամօր` ''Ողորմութեան դուռ''ին բարեխօսութեան կը յանձնէ համայն եւրոպան­, հայցելով որ Ան իր աղօթքներով ներշնչէ հաշտութեան զգացումներ եւ նորոգուած կարողութիւն` միասնաբար ապրելու որպէս եղբայրներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.